HomeIn-languageՆահանգապետ Նիւսըմ Կը Յայտարարէ «Հրապարակաւ» Եռամսեայ Սիւնակին Մասին՝ Հասանելի Դառնալու Համար Այլազան...

Նահանգապետ Նիւսըմ Կը Յայտարարէ «Հրապարակաւ» Եռամսեայ Սիւնակին Մասին՝ Հասանելի Դառնալու Համար Այլազան Համայնքներու

Սիւնակը պիտի թարգմանուի վեց լեզուներու եւ հրատարակուի առցանց ու տպագիր առաւել քան 50 միտիայի միջոցներով

Միտիայի բոլոր միջոցները կրնան ազատօրէն սիւնակը վերցնել նահանգապետին կայքէն

[/et_pb_text][et_pb_text _builder_version=”3.12″]

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ այսօր յայտարարեց միտիայի պատմական համագործակցութեան մասին «Քալիֆորնիա Պենք Միտիա»ի, «Էթնիք Միտիա Սըրվիսըզ»ի, «ԻմփըրՄիտիա»ի, «Եունիվիժըն»ի, եւ LGBTQ-ի միջոցներուն «Պէյ Էրիա Ռիփորթըր»ի ու «Լոս Անճելըս Պլէյտ»ի հետ՝ Քալիֆորնիա նահանգի տարածքին հանրային ժամանակակից  քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող հարցերու մասին եռամսեայ իւրայատուկ սիւնակ մը պատրաստելու նպատակով: «Հրապարակաւ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ» եռամսեայ սիւնակը պիտի թարգմանուի նուազագոյնը վեց լեզուներու եւ պիտի տարածուի եռամսեայ դրութեամբ, Դեկտեմբերէն սկսեալ: Իւրաքանչիւր սիւնակ տեղադրուած պիտի ըլլայ նահանգապետին կայքին վրայ եւ հանրութեան հասանելի պիտի դառնայ ու պիտի հրատարակուի առցանց կամ տպագիր առաւել քան 50 մասնակցող միտիայի միջոցներով: Որեւէ միտիայի միջոց կը խրախուսուի ազատօրէն վերցնելու սիւնակը նահանգապետին կայքէն եւ զայն տեղադրելու իր միտիայի միջոցին մէջ:

 «Քալիֆորնիան հպարտ է ամէնէն այլազան նահանգը եւ աշխարհի ամէնէն այլազան ժողովրդավարութիւնը ըլլալուն համար», ըսաւ նահանգապետ Նիւսըմ՝ աւելցնելով. «Քալիֆորնիացիները արժանի են իմանալու, որ իրենց կառավարութիւնը կ՛աշխատի իրենց համար, յատկապէս գիւղական եւ գաւառական համայնքները, որոնք երկար ժամանակ զգացին, որ իրենք ձայն չունին Սաքրամենթոյի մէջ: Անհամբեր կը սպասենք համագործակցելու միտիայի մեր գործընկերներուն հետեւ կը հրաւիրենք ուրիշներ, որոնք հետաքրքրուած են գործընկերութեամբ – «Քալիֆորնիան բոլորին» պատգամը հասցնելու համայնքներու, մեր նահանգի տարածքին»: 

 Յայտարարութիւնը հիմնուած է նահանգապետ Նիւսըմի համայնքային, ազգագրական եւ այլազան միտիայի միջոցներու հետ աշխատելու յանձնառութեան վրայ: Իր պաշտօնավարութեան առաջին տարուան ամբողջ տեւողութեաննահանգապետը եւ իր աւագ անձնակազմը մասնակցեցան միտիայի հեռարձակուող  հեռաձայնային կապերու եւ ժողովներու զանազան հարցերու շուրջ՝ մահապատիժէն սկսեալ մինչեւ 2020 մարդահամարը:

 «Սիւնակին գաղափարը ծնունդ առաւ եւ աճեցաւ սեւամորթներու, լատին ամերիկացիներու եւ բնիկներու միտիայի ներկայացուցիչներու երկու տարուան ճիգէն՝ դաստիարակելու համար օրէնսդիրները եւ որոշում տուողները այս հատուածին դերին մասին եւ դարբնելու բազմացեղ միտիայի մը ջատագովման ձայնը», ըսաւ Սենտի Քլոզ՝  տնօրէնը «Էթնիք Միտիա Սըրվիսըզ»ի, որ միտիայի խորհրդատուութեան  ոչշահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է:

 Ռեճինա Պրաուն Ուիլսըն՝ «Քալիֆորնիա Պենք Միտիա»ի տնօրէնը յայտնեց, թէ սիւնակը «չէր կրնար աւելի սկսիլ աւել յարմար ժամանակ: Տեղեկատուութեան այս ժամանակաշրջանին, որ տիրապետուած է բարձր արհեստագիտութեան հարթակին կողմէ, նահանգապետ Նիւսըմ կարեւոր ազդանշան մը կ՛արձակէ՝ ըսելով, որ կառավարութիւնը կարիքը ունի բարձր մակարդակի հաղորդակցողներու, որոնք հաստատուած են համայնքներու մէջ եւ կը վայելեն անոնց վստահութիւնը»:

 «ԻմփրեՄիտիա»ի «Լա Օփինիոն»ի վեթերան խմբագիր Կապրիէլ Լերներ ընդգծեց նահանգապետին՝ մնայուն կերպով հասանելի ըլլալու կարիքը՝ իբրեւ հակաթոյն մեծցող վախին կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան գաղթական հանդիսատեսներուն մօտ, Թրամփի վարչակազմին հակագաղթական որոշումներուն գործադրութենէն ի վեր:

 «Իւրաքանչիւր նոր յայտարարութիւն Սպիտակ տունէն կը ստեղծէ սարսափի անողոք արշաւ մը: Սիւնակը փոքր բայց կարեւոր հակաձայն մըն է, որուն բոլոր գաղթականները կարիքը ունին»:

 «Քալիֆորնիոյ ժողովուրդին հետ ուղղակի եւ պինդ ձեւի հաղորդակցութիւն հաստատելը էական է՝ տեղեկացուած, ներգրաւուած եւ բարգաւաճ համայնք մը ունանալու համար», ըսաւ «Նիուզ ֆոր Եունիվիժըն Լոս Անճելըս»ի փոխնախագահ Մառքօ Ֆլորես:

 Պէյ Էրիայի մէջ իր կեդրոնը ունեցող «Ֆիլիփին Նիւզ Թըտէյ»ի՝ Ֆիլիփինեան ազգային լուրերու միտիայի երկարամեայ հրատարակիչը՝ Ֆրենսիս Էսփիրիթու՝ մէկը ասիական այն բազմաթիւ առաջնորդներէն, որ միացաւ համագործակցութեան ճիգին: Ան յայտնեց, թէ ինք անհամբեր է սիւնակը հրապարակելու՝ հանդիսատեսները տեղեկացնելու համար նահանգապետին քաղաքականութեան նպատակները եւ վստահեցնելու համար անոնց, որ «նահանգի կարավարութիւնը կը կանգնի մեր թիկունքին կը կանգնի»:

 Բնիկներու միտիաններն ալ բանալի դեր ունին այս համագործակցութեան մէջ: Ճօ Օրոզքօ, որ տնօրէնն է հիւսիսային Էօրեքայի Հուփա տարածքին մէջ գտնուող KIDE ռատիոյի, կ՚ըսէ, թէ  ցեղախումբերու հողատարածքներուն վրայ մեկուսացումը եւ բազմազանութիւնը հաղորդակցութիւնը առաւել մեծ մարտահրաւէր կը դարձնէ: Ան կը յուսայ որ սիւնակը պիտի ներկայացնէ ճիգ մը՝ հաղորդակցութինը երկկողմանի դարձնելու: «Մենք ալ կ՚ուզենք մեր պատմութիւնը պատմել», ըսաւ Օրոզքօ:

 Գործընկերութիւնը կը ներառէ LGBTQ-ի միջոցներուն «Պէյ Էրիա Ռիփորթըր»ը եւ «Լոս Անճելըս Պլէյտ»ը:

 ««Պէյ Էրիա Ռիփորթըր»ը անհամբեր կը սպասէ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի եռամսեայ սիւնակներուն: Իբրեւ երկրին ամէնէն հին LGBT թերթ՝ կը կարծենք, թէ մեր ընթերցողները հաճոյքով պիտի հետեւին նահանգապետին գրած հարցերուն: Քալիֆորնիան անընդհատ փոխուող նահանգ մերն է, եւ կը հաւատանք, որ մեր ընթերցողները հետաքրքրուած պիտի ըլլան ուղակի Սան Ֆրանսիսքոյի նախկին քաղաքապետէն իմանալու՝ անոր սիւնակներուն ընդմէջէն, թէ ան ինչ ձեւով կը պատկերացնէ լուծել նահանգային բազմաթիւ հարցերը, ըսաւ Սինձիա Լէյրտ՝ «Պէյ Էրիա Ռիփորթըր»ի լուրերու խմբագիրը:

 Մասնակցող միտիայի միջոցներու ամբողջական ցանկը՝ այստեղ

🏷️ Tags

02:11:10

Forget the Pundits. “Professor” Jiang’s Forecasts Are Going Viral

Chinese educator "Professor" Jiang is rapidly rising across YouTube, where long-form podcast interviews are fueling interest in geopolitical forecasts and global instability.

California Gubernatorial Race Series: Interview with Antonio Villaraigosa

Live Mon | This session offers reporters a direct opportunity to question gubernatorial candidate Antonio Villaraigosa on key statewide issues. 

After Supreme Court Guts Voting Rights Act, Southern Organizers Fight Back

Since the Supreme Court’s landmark ruling in Louisiana v. Callais, activists across the South believe the Black vote is being erased.

California Bill Models ‘Buy Local’ Journalism Strategy With Focus on Ethnic Media

A new legislative proposal promises to shift how California communicates with residents leveraging ethnic media as critical sources of news and information.